12 դեկտեմբերին տօնն է Լատինամերիկայի պաշտպան սրբուհի` Կուատալուփէի Տիրամօր։ Այս
առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին,
պատգամ մը ուղղեց Լատինամերիկայի բոլոր եղբայրներուն ու քոյրերուն, յիշեցնելով Տիրամօր
երեւումը սուրբ Խուան Տիեկոյի։
Տիրամայրը, ըսաւ Քահանայապետը , երբ երեւեցաւ
Խուան Տիեկոյի, ունէր բնիկ կնոջ երեւոյթը ու անոր տարազը լի էր բնիկներու մշակոյթի նշաններով։
Յիսուսի նման Մարիամ մօտ է իր զաւակներուն, նման գորովագին մօր մը, որ կ'ընթանայ
իր զաւակներուն հետ ու կ'ապրի անոնց ուրախութիւններն ու յոյսերը, ցաւերն ու անձկութիւնները։
Տիրամօր պատկերին երեւումը Խուան Տիեկոյի վերարկուին վրայ, ողջագուրումի մարգարէական
նշան մըն էր։ Ասիկա եղաւ Մարիամի ողջագուրումը ամերիկեան ցամաքամասի համայն բնակիչներուն։
Այս ողջագուրումը եղաւ ճանապարհը որ յատկանշեց համայն Ամերիկան. հող մը ուր բազմազան
ժողովուրդներ կարող են համակենակցիլ։ Հող մը` կարող յարգելու մարդկային կեանքը իր բոլոր
հանգրուաններով` սաղմէն մինչեւ խոր ծերութիւն։ Հող մը կարող հիւրընկալելու գաղթականները
ինչպէս նաեւ բոլոր ժամանակներու աղքատներն ու անտեսուածները։ Վեհանձն Հող մը։ Այս
է պատգամը Կուատալուփէի Տիրամօր։Այս է նաեւ իմ պատգամս, պատգամը Եկեղեցւոյ։ Կը խրախուսեմ
Ամերիկայի ցամաքամասի բոլոր բնակիչները բազկատարած ըլլալ, նման Ս. Կոյս Մարիամին` լի
սիրով ու գորովով։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը եզրափակեց ըսելով. ''Ես ձեզի համար
կ'աղօթեմ, դուք ալ ձեր կարգին ինծի համար աղօթեցէք։ Թող Աւետարանի ուրախութիւնը ձեր սրտին
մէջ միշտ բնակի։ Տէրը օրհնէ ամէնքդ ու Տիրամայրը ըլլայ ձեզի պահպան''։